2014-10-21 12:16:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը` ''Յիսուսի մէջ միացած ժողովուրդ մըն ենք. Քրիստոնեան յոյսի մարդ է''։


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ Քրիստոնեան այն այրն ու կինն է որ գիտէ սպասել Յիսուսին, ու ասոր համար ան յոյսի մարդ է''։
Իր զոհաբերումով Քրիստոս մեզ դարձուց ''խաղաղութեան մէջ բարեկամներ, եւ հարեւաններ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը, մատնանշելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն եւ նշելով որ ''առաջին ծառայութիւնը զոր վարդապետը կը մատուցէ քրիստոնեաներուն, անոնց ինքնութիւն տալն է։
Մենք առանց Քրիստոսի Ինքնութիւն չունինք, Ան եկաւ մեզի քաղաքացիութիւն մը տալու, եւ անդամակցութիւն մը` իր ժողովուրդին, իր արեամբ խափանելով բաժանումի պատը''։
Ամէնքս գիտենք թէ երբ համերաշխութեամբ չենք ապրիր միւսներուն հետ, մեր միջեւ պատնէշ մը կը կառուցենք։ Բաժանումի պատնէշ մը։ Յիսուս սակայն իր ծառայութեամբ խորտակեց այս պատը, առ աւելին, մեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ։ Այս բոլորին պայմանը սպասումն է։ Յիսուսին սպասել։ Ով որ սպասումի մէջ չէ Յիսուսին առջեւ դուռը կը բակէ եւ չի լքեր որ Ան իրագործէ խաղաղութեան ծրագիրը։
''Ի՞նչպէս սպասել Յիսուսին'' հարց տուաւ Քահանայապետը քարոզին աւարտին ու պատասխանեց, ''բաց սրտով, յոյսով, որովհետեւ Քրիստոնեան այն այրն ու կինն է որ գիտէ սպասել Յիսուսին ու ասոր համար քրիստոնեան յոյսի մարդ է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.